Գորալինին նոր տունին մէջ տարօրինակ բան մը կայ: Հարցը մշուշոտ ըլլալը չէ՛ , ո՛ չ ալ զինքը անդադար ուշի ուշով դիտող կատուն, ո՛ չ իսկ իր նոր դրացիներուն՝ օրիորդ Սփինքին և օրիորդ Հորսիպլին կողմէ թէյի տերեւներուն մէջ կարդացած վտանգի ազդանշանները: Չէ՛ , հարցը միւս տունն է, այն մէկը որ հիւրանոցին մէջի այդ հին դրան ետեւն է: Այդտեղ ուրիշ մայր եւ ուրիշ հայր մը, կոճականման սեւ աչքերով եւ մագաղաթեայ մորթով, կը սպասեն որ Գորալինը միանայ իրենց: Կ' ուզեն որ հետերնին ապրի... ընդմիշտ: Գորալինը գիտէ. եթէ երբեք համարձակի այդ դուռէն սպրդիլ ու միւս կողմը անցնիլ, կրնայ պատահիլ որ չկարենայ երբեք վերադառնալ: